2012-09-11 12:53:05

Դէպի Լիբանան`
Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան կատարելիք ճամբորդութիւնը նկատուած է որպէս քաջութեան եւ յոյսի նշան մը։ Պենետիկտոս ԺԶ հրատարակելիք յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը հիմնական կրեւորութիւն ունի միջին արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքին ու անոր աւետարանի վկայութեան առաքելութեան համար ու նաեւ անոր դերին որպէս խաղաղութիւն եւ երկխօսութիւն նախաձեռնող։

Լիբանանու ընտրանքը որպէս ճամբորդութեան վայր կատարուած էր Սուրիոյ կացութեան վատթարացումէն շատ ժամանակ առաջ։ Այս վերջինս անշուշտ նոր հարցադրանքներ կը յարուցէ որոնք երկու տարի առաջ տեղի ունեցած սիւնհոդոսը չէր նախատեսած։ Համակեցութիւն զանազան կրօններու եւ դաւանանքներու միջեւ. Երկխօսութիւն իսլամ ու հրեայ համայնքերու հետ. Քրիստոնեաներու գաղթականութիւն. Կրօնի ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն։ Միւս կողմէ երբ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսները իրենց ժողովը գումարեցին վատիկան <<Արաբական գառուն>>ի շարժումն ալ տակաւին իր գործունէութիւնը չէր սկսած։ Արդ եթէ այսօրուայ իրավիճակը բոլորովին տարբեր կը ներկայանայ, եկեղեցւոյ յանձնառումը միջին արեւելքի տարածքի նկատմամբ հրատապ կը դառնայ եւ նոյնիսկ աւելի դժուար, եւ Սրբազան Քահանայապետի ոգեշունջ այս ներկայութիւնը կը դառնայ աւելիով թանկարժէք։

Կաթողիկերնրը, Քրիստոնեաները որոնք փոքրամասնութիւն են տարածաշրջանի մէջ կրնան ու պարտաւոր են տալու խախաղութեան եւ երկխօսութեան վկայութիւն։ Ոչ միայն միջին արեւելքի այլազան կրօնական հասարակութիւններուն այլեւ միջազգային հասարակութեան ու համայն այն աշխարհին որ տակաւին չ՛ուզեր անդրադառնալ թէ որքանով աշխրահաքաղաքական կլոպալ փառասիրութիւնը ողբերգրական հետեւանքներ կը թողու նաեւ տարածաշրջանի վրայ։
Պենետիկտոս ԲԶ Սրբազան Քահանայապետը յոյսով լի եւ համայն արեւելքի համար խաղաղութեան իղձի աղաղակ մը պիտի բարձրացնէ։ Յույս ունինք որ լսուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.